Մինաս Գոճայանը Լոս Անջելեսից գրում է.
«Դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք եւ ինչե՜ր պիտի տեսնենք Արագածի փէշերուն (Արարատի փէշերուն չեմ ըսեր, որովհետեւ Ն.Փ.ի տրամադրութիւնը կրնայ իյնալ, իսկ ինք տակաւին շա՜տ պէտք է Կրեմլին-Լոնտոն-Ուաշինկթըն-Պաքու-Անկարա եւ անշուշտ Թել Ավիվ վեցեակին)։
Երբեմն միտքս կու գան մեր մեծերուն իմաստուն եւ պատկերաւոր խօսքերը, որոնցմէ մէկը կ՚ըսէ. «Խելքը հացի հետ կերեր է»։ Ճիշտ եւ ճիշտ Ն.Փ.ի համար ըսուած խօսք մը։
Իր այլանդակութիւններով, ձախաւերութիւններով, կիսագրագէտ ելոյթներով (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն – թուրքերէնը չեմ լսած տակաւին...), քաղաքական տկարամիտ դատումներով նախկինները գերազանցած այս Փանջունին բանչունի-ի), գիշերները չի քնանար եւ առտուն կանուխ աքլորը չկանչած հանճարեղ գաղափարով մը կը ներկայանայ իր նմաններուն, որոնցմէ ոմանք ներքուստ զինք արհամարհելով հանդերձ՝ երեսին ժպտալով կը գովեն իր չնաշխարհիկ, դարակազմիկ, ազգը իր հոգեկան անկումէն դուրս հանելու միտումը ունեցող գաղափարները։ Այսպիսի պահերուն կը յիշեմ Չարենցի մէկ կարճ ոտանաւորը.
- Դու նման ես այն ծծկեր երեխուն,
Որ ուզում է մատը բերանը կոխել,
Բայց միշտ անպատեհ տեղեր է կոխում...
Արուեստի ճաշակէ զուրկ բազմամիլիոն ամբոխի կուռքը դարձած Snoopy Dogg կոչուած, բայց համաշխարհային համբաւ վայելով Cordozar Calvin Broadus Jr.-ը Ն.Փ.ն կը հրաւիրէ Երեւան՝ կանխիկ վճարելով հարիւր հազարաւոր տոլարներ։ Տարբեր «չար բերաններ» տարբեր բաներ կ՚ըսեն, որոնցմէ մէկը կը գրէ թէ իր որդւոյն տարեդարձը կ՚ուզէ նշել եղեր...Ո՜չ, այսքան ալ սուտ տեղեկութիւն եւ բանբասանք քիչ մը շատ եղաւ։ Սա մարդը քննադատեցէք ըսինք, բայց քիթին բերանին վրայ «ասֆալթին փռեցէք» չըսինք...
Այս «հակա-արուեստ» Rap-իսթը (փոփ երգի rapist-ը) Հարաւային Քալիֆորնիայէն է, միջնակարգ դպրոցին մէջ միշտ եղած է խնդրայարոյց, բանտ մտած ելած, կարծես թէ ըսելիք մը ունի, բայց առանց ջղագրգիռ դառնալու եւ առաց “F”-ով սկսող բառերու չի կրնար միտքը հասկցնել՝ F-երէնով խօսող ու «երգող» շուարած երիտասարդութեան։
Ուրեմն այս արարածը ՀՀ պետութեան թիւ մէկ մարդուն կողմէ կը հրաւիրուի առաջին քրիստոնեայ երկրի մնացորդ ՀՀ եւ երեքհազարամեայ Երեւան-Էրեբունի, ուր կ՚երեւի թէ արդէն լաւ սորված են F-երէնը, որպէսզի աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ աննկարագիր քաղաք դարձած Երեւանի վրայ...
Սրտցաւ բարեկամ մը, որ ինծի պէս ինքզինք կ՚ուտէ մեր «մօրուքաւորին» անհեթեթութիւններուն պատճառով, վերջերս տասնեակ բարեկամներու լուր ղրկեր էր որ վատ չզգան, եթէ այս մեծ համերգին ու հայալլկիչ արուեստի երեկոյին» ներկայ պիտի չկրնան գտնուիլ, ուստի մեծահոգաբար մեր ընկերը կ՚ըսէ թէ պատրաստ է այդպիսիներուն տոմսերը վճարել եւ եթէ կին կամ ամուսին ու զաւակներ ալ կ՚ուզեն հետերնին տանիլ՛ ինք պատրաստ է անոնց...տոմսակն ու կեցութիւնը հոգալ, միայն թէ չզրկուին կեղծ յեղափոխութեան առաջնորդին հրաշագործ համերգէն։
Տեսա՞ք բանը ո՜ւր հասած է Արագածի լանջերուն, Զանգուի ափին, Ծիծեռնակաբերդի ու Մայր Հայաստանի շուքին տակ։
Ո՜ւր մնացին Արցախի շրջափակումն ու վերջերս Համշէնէն վերադարձող հայ զբօսաշրջիկներու ինքնաշարժի արկածին զոհ գացած խումբ մը խոստմնալից հայերու ողբերգական մահը...
Մ.Գ.
(Շարունակելի)
Յ.Գ. Անմիջապէս ըսեմ թէ ոմանք կը կատղին երբ իմ գրութիւններս կը կարդան եւ տեսակ-տեսակ ծանր խօսքեր կը ղրկեն ինծի։ Անոնցմէ ամէնէն մեղմ արտայայտութիւններէն մէկն է. «Շատ, շատ նեկատիվ էք...Որեւէ բան կը հաւնի՞ք դուք»։ Պատասխանս՝ այո՛, ճշմարտութիւնը խօսողը»։