Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը յայտարարէ, թէ անցնող 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին իր դպրոցները յաճախող աշակերտները, յառաջիկայ 2020-2021-ի վերամուտին, պիտի կարենան շարունակել իրենց ուսման ընթացքը Միութեան Լիբանանի վարժարաններէն ներս, զերծ ըլլալով կրթաթոշակի պարտաւորութենէ:
Միութիւնը այս արտակարգ կարգադրութիւնը ի գործ կը դնէ, նկատի ունենալով ծանր տագնապը, զորս Լիբանանի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ներկայիս:
Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը հրաւիրէ ծնողներ, բարեկամներ եւ համակիրներ, սիրայօժար նուիրատուութիւններով աջակցելու Լիբանանանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կրթական ծրագիրներուն: